2012-03-29 12:14:26

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց Տասն­իններորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (10)
Մարդկային արարածը (2)

Հարցում թիւ 62. Ի՞նչ է հոգին։
Հոգին այն տարրն է որ կը դարձնէ իւրաքանչիւր անձը` մարդկային։ Ան մարդու կեանքին հոգեւոր սկզբունքն է, այն ինչ որ ամենամտերիմն է իրեն համար։ Հոգին կը գործէ որպէսզի նիւթական մարմինը ըլլայ ապրող մարմին մը, ամբողջովին մարդկային։ Իր հոգիին շնորհիւ` մարդը արարած մըն է որ կրնայ ըսել ՙես՚ եւ Աստուծոյ առաջ կրնայ կանգնիլ որպէս անփոխարինելի անհատականութիւն մը։
Մարդիկ նիւթական եւ հոգեկան արարածներ են. Մարդու հոգին աւելի կարեւոր բան մըն է քան մարմնոյն որեւէ մէկ գործունէութիւնը. Զայն կարելի չէ բացատրել մեկնելով լոկ ֆիզիքական տուեալներէ։ Մեր խելքը կ՛ըսէ մեզի. Հարկ է որ գոյութիւն ունենայ հոգեկան սկզբունք մը, կապուած մարմնոյն, առանց սակայն անոր նման ըլլալու. Զայն կը կոչենք հոգի։ հակառակ որ հոգւոյն գոյութիւնը կարելի չէ փաստել գիտական միջոցներով, սակայն առանց նկատի առնելու այս հոգեկան տարրը, որ կ՛իշխէ նիւթականին վրայ, չենք կարող հասկնալ թէ ինչպէս մարդիկ հոգեղէն արարածներ են։
Հարցում թիւ 63. Ուսկի՞ց կու գայ մարդկային հոգին։
Մարդկային հոգին անմիջականօրէն ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ։ Ան չէ ՚արտադրուած՚ ծնողքին կողմէ։
Հոգին ոչ կրնայ յառաջ գալ նիւթին բնաշրջումէն, եւ ոչ ալ արդիւնքն է հօր եւ մօր ծննդական կապին։ Ամէն մարդկային արարած` իր ծննդեան օրն իսկ առանձնայատուկ եւ հոգեւոր անձ մը կը դառնայ. Եկեղեցին կը բացատրէ այս խորհրդաւոր իրողութիւնը, ըսելով. Աստուած մեզի կու տայ հոգի մը որ չի մեռնիր, նոյնիսկ երբ մարդ կորսնցնէ իր մարմինը` մահով, որպէսզի կարենայ զայն վերագտնել յարութեան օրը։ Երբ ըսենք թէ հոգի մը ունինք, այդ կը նշանակէ թէ` Աստուած չստեղծեց մեզ որպէս առարկայ մը, այլ որպէս անձ, եւ մեզ կոչեց իրեն միանալու յաւերժական յարաբերութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.